بحر [Bahr] [Armenian translation]
Songs
2024-11-27 01:44:17
بحر [Bahr] [Armenian translation]
Օհ գիշեր, ծածկէ զիս, քօղարկէ մթութեամբդ
Օհ գիշեր, բեղմնաւորէ զիս, զօրացուր ինծի մթութեամբդ
Եղբայրս գաղտնիքը տեսաւ, գաղտնիքը տեսաւ, պիտի բացայայտէր,
Եղբայրս ալիքին մէջ, ալիքին մէջ կը հառաչէ
Իսկ ձկնորսները քնացած են
Օհ ծով, վերադարձուր ինծի , վերադարձուր ինծի եղբայրս
Ալիքը ինծմէ գողցաւ, ինծմէ գողցաւ եղբայրս
Ծովուն քով տարի, թող ջուրերը մաքրեն զինք
Ծովուն քով տարի, ալիքը խառնուեցաւ արեանը հետ
Իսկ ձկնորսները մրափած են, մառած են, քնացած են
Եղբայրս ծովանուշներուն հետ է, վերադարձուցէք ինծի
Ալիքը առաւ եղբօրս, վերադարձուցէք ինծի
Եղբայրս գնաց լուսածագին հետ, վերադարձուցէք ինծի
Եղբայրս ծովուն յատակն է, տակաւին չվերադարձաւ ինծի
- Artist:Mashrou’ Leila
- Album:Raasuk (رقّصوك)